2015-05-06 11:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` Ընտանիքը – Սուրբ Պսակը (Բ)։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 6 Մայիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 9-ին Ֆրանչիսկոս Պապը` Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեց խումբ մը հիւանդ մանուկներ, ապա ժամը 10-ին հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով ընտանիքի մասին իր խորհրդածութիւնները Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Պսակի գեղեցկութեան վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր – ըսաւ Ան - Ընտանիքի մասին  մեր խորհրդածութիւններու ուղիին վրայ, այսօր պիտի անդրադառնանք քրիստոնէական ամուսնութեան գեղեցկութեան մասին։ Ան լոկ տօնախմբութիւն մը  չէ որ կը կատարուի Եկեղեցւոյ մէջ, ծաղիկներով, գեղեցիկ զգեստներով, նկարահանումներով…քրիստոնէական ամուսնութիւնը խորհուրդ մըն է որ  կը կատարուի եկեղեցւոյ մէջ եւ զոր կը կատարէ Եկեղեցին, սկիզբ տալով ընտանեկան նոր հասարակութեան մը։

Սուրբ Պօղոս կը սորվեցնէ թէ  զոյգրու միջեւ սէրը համապատկերն է  Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ միջեւ գոյացող սիրյ ։ Ամուսինները պարտին սիրել իրենց կիները իբրեւ իրենց սեփական մարմինը։  Սուրբ Պսակի խորհուրդը հաւատքի ու սիրոյ վեհանձն ներգործութիւն մըն է։ Քրիստոնէական կոչումը սիրելու անվերապահօրէն եւ անսահմանօրէն, հիմքն է այն ազատ համաձայնութեան որ կազմուած է ամուսնութեամբ` Քրիստոսի շնորհքով,։ 

Եկեղեցին ամբողջութեամբ ներկայ է իւրաքանչիւր քրիստոնէական ամուսնութեան պատմութեան մէջ, կը կառուցուի անոնց յաջողութիւններով ու կը տառապի անոնց ձախողութիւններով։

Սուրբ Պսակը կատարել Տիրոջ մէջ` ունի նաեւ միսիոներական չափանիշ։ Եկեղեցին` հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ իր առաքելութիւնը կատարելու համար կարիքը ունի զոյգերու արի հաւատարմութեան Սուրբ Պսակի խորհուրդի նկատմամբ։

Քրիստոս չի դադրիր հոգ տանելու իր Եկեղեցւոյ եւ յուզիչ է նկատել Աստուծոյ այդ ուժն ու քնքշութիւնը որ կը փոխանցուի զոյգէ զոյգ, ընտանիքէ ընտանիք։ Սուրբ Պօղոսը արդարեւ իրաւունք ունի ըսելու  թէ ասիկա  մեծ խորհուրդ մըն է, ըսաւ Սրբազան Հայրը խորհրդածութեան աւարտին հայցելով զոյգերու վրայ Աստուածային օրհնութիւնը ու ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն զանոնք յանձնելով Աստուածամօր հովանիին։ Երիտասարդները հրաւիրեց` դժուար պահերուն դիմելու Աստուածամօր։ Հիւանդները խրախուսեց  Անոր մէջ գտնելու առօրեայ խաչը կրելու քաջութիւնը եւ նորպասակեալերը հրաւիրեց որ Տիրամայրը առնելու որպէս օրինակ` որպէսզի ընտանիքը դառնայ օճախ աղօթքի եւ փոխադարձ հասկացողութեան։

Չորեքշաբթի` 6 Մայիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 9-ին Ֆրանչիսկոս Պապը` Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեց խումբ մը հիւանդ մանուկներ, ապա ժամը 10-ին հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով ընտանիքի մասին իր խորհրդածութիւնները Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Պսակի գեղեցկութեան վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր – ըսաւ Ան - Ընտանիքի մասին  մեր խորհրդածութիւններու ուղիին վրայ, այսօր պիտի անդրադառնանք քրիստոնէական ամուսնութեան գեղեցկութեան մասին։ Ան լոկ տօնախմբութիւն մը  չէ որ կը կատարուի Եկեղեցւոյ մէջ, ծաղիկներով, գեղեցիկ զգեստներով, նկարահանումներով…քրիստոնէական ամուսնութիւնը խորհուրդ մըն է որ  կը կատարուի եկեղեցւոյ մէջ եւ զոր կը կատարէ Եկեղեցին, սկիզբ տալով ընտանեկան նոր հասարակութեան մը։

Սուրբ Պօղոս կը սորվեցնէ թէ  զոյգրու միջեւ սէրը համապատկերն է սիրոյ` Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ միջեւ։ Ամուսինները պարտին սիրել իրենց կիները իբրեւ իրենց սեփական մարմինը։  Սուրբ Պսակի խորհուրդը հաւատքի ու սիրոյ վեհանձն ներգործութիւն մըն է։ Քրիստոնէական կոչումը սիրելու անվերապահօրէն եւ անսահմանօրէն, հիմքն է այն ազատ համաձայնութեան որ կազմուած է ամուսնութեամբ` Քրիստոսի շնորհքով,։ 

Եկեղեցին ամբողջութեամբ ներկայ է իւրաքանչիւր քրիստոնէական ամուսնութեան պատմութեան մէջ, կը կառուցուի անոնց յաջողութիւններով ու կը տառապի անոնց ձախողութիւններով։

Սուրբ Պսակը կատարել Տիրոջ մէջ` ունի նաեւ միսիոներական չափանիշ։ Եկեղեցին` հաւատքի յոյսի եւ սիրոյ իր առաքելութիւնը կատարելու համար կարիքը ունի զոյգերու արի հաւատարմութեան Սուրբ Պսակի խորհուրդի նկատմամբ։

Քրիստոս չի դադրիր հոգ տանելու իր Եկեղեցւոյ եւ յուզիչ է նկատել Աստուծոյ այդ ուժն ու քնքշութիւնը որ կը փոխանցուի զոյգէ զոյգ, ընտանիքէ ընտանիք։ Սուրբ Պօղոսը արդարեւ իրաւունք ունի ըսելու  թէ ասիկա  մեծ խորհուրդ մըն է, ըսաւ Սրբազան Հայրը խորհրդածութեան աւարտին հայցելով զոյգերու վրայ Աստուածային օրհնութիւնը ու ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն զանոնք յանձնելով Աստուածամօր հովանիին։ Երիտասարդները հրաւիրեց` դժուար պահերուն դիմելու Աստուածամօր։ Հիւանդները խրախուսեց  Անոր մէջ գտնելու առօրեայ խաչը կրելու քաջութիւնը եւ նորպասակեալները հրաւիրեց Տիրամայրը առնելու որպէս օրինակ` որպէսզի ընտանիքը դառնայ օճախ աղօթքի եւ փոխադարձ հասկացողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.